2013-03-23 11:49:53

Կիպրոսի Կառավարութիւնը Մոսկուայի Պատրիարքի Միջամտութիւնը Կը Խնդրէ` Փրկելու Կղզիի ֆինասական Տագնապը։


Կիպրոսի Եկեղեցին իր բոլոր կալուածները կը տրամադրէ երկիրը փրկելու։
Կիպրոսի նախագահը խնդրած է Կղզիի եպիսկոպոսապետ Քրիզոսդոմէն որ միջամտէ Մոսկուայի պատրիարքութեան ու Գրեմլինի մօտ օգնութիւն ստանալու փրկելու համար կղզին ֆինանսական տագնապէն։
Քրիզոսդոմ եպիսկոպոսապետը իր կարգին յայտնած է որ յոյն օրթոտոքս եկեղեցին պատրաստ է իր բոլոր հարստութիւնները տրամադրելու երկիրի փրկութեան համար։
Յայտնենք որ Կիպրոսի յոյն եկեղեցին երկրի մեծագոյն կալուածատէրն է, անոր դրամագլուխը կը գերազանցէ տասնեակ միլիոն եւրօ։
Գրեմլինը սակայն վերապահութիւն յայտնած է քանի նախապէս անոր խորհուրդը չէր առնուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.